Նամակներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

157. ՄԵՐՈՒԺԱՆ ՊԱՐՍԱՄԵԱՆԻՆ

27 յուլիս, 1910, Սուազ

«Բանաստեղծին սիրտը» հաճոյքով կարդացի. քանի մը կտորներ մանաւանդ շատ սիրեցի, բեհեզազարդ կոյսերը ճանչցողները կրնան անխառն ճաշակել Ձեր ինչ-ինչ կտորները, որոնց ամենամեծ յատկութիւնը նրբութիւնն է։ Նոր հատորներ կը մաղթեմ՝ օրաւուր աւելի հոլաթեւ. արդէն այս վերջինին մէջ ինչ-ինչ արուեստի եւ ձեւի առաւելութիւններ անուրանալի են։

Գաւառի գարունը ներշնչումներ կրնայ տալ, բայց դժբախտաբար խիստ զբաղուած եմ դպրոցի գործերով եւ հասարակական կեանքով. հազիւ ազատ ժամանակ կը գտնեմ «Հեթանոս երգերը» սկսելու, թէպէտեւ այստեղ ժողովուրդը չափազանց նախապաշարեալ է եւ չի կրնար տանիլ այդպիսի երգեր։

. Վարուժան]