Նամակներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

114. ԴԵՐԵՆԻԿ ՃԻԶՄԵՃԵԱՆԻՆ

19 յունիս, 1908, Կանտ

Սիրելի Դերենիկ,

Քարտդ ստացայ։ Եղբայրական կրակը, զոր ունիք ինձ հանդէպ ըլլաս դու, Արամը կամ միւսները՝ ինձ համար թանկագին գրաւական է։ Տարակոյս չկայ, որ հրճուանք մ՚է քեզ այցելելս՝ մանաւանդ որ մեզ ամէնուս սիրելի Տոնժուան Արամն ալ այդտեղ է, բայց տակաւին վերջնական խօսք չեմ տար։ Քսան օրէն վճռական կերպով կը գրեմ գալս կամ չգալս։ Միայն, սիրելիս, նիւթական տեսակէտով ինչպէս գիտես անցեալ տարի աւելի բախտաւոր էի, քան թէ այս տարի։ Հետեւաբար ինծի գրէ, թէ եթէ կարելի է Ձեր մօտ ապրիլ ամիսը միայն 25-30 ֆր. ծախսելով tout y compris [1] այն ատեն հաւանական է գալս Թորինօ։ Պարզապէս խօսելով՝ ո՛չ Ձեզի կ՚ուզեմ տհաճութիւն տալ, ո՛չ ալ կ՚ուզեմ, որ այցելութիւնս քիթէս բերնէս գայ։ Եթէ նեղութեան մէջ ես՝ չեմ ուզեր վրադ բեռ ըլլալ, լաւ է Կանտ մնամ, իսկ եթէ անցեալ տարուան պէս անցնի մեր ամառուան տեսակցութիւնը՝ ես արդէն գոհ եմ։ Գրէ՛ երկար, ցտեսութիւն։

Գրէ, թէ ընկերներէս քանի՞ հոգի այս ամառ Թորին կը մնան։ Անչէ ամմա Վարդան Թերեսը ի՛նչպէս է։ Ամէնուն սիրալիր բարեւներ։ Համբոյրներով քոյդ

Դ. Վարուժան

Նշանէն քարտ մ՚առի, քննութիւններէն վերջ Պազարճիին քով կ՚երթայ։ Գամպուրէն լուր չունիմ, բայց լսած եմ, որ Պոլիս երթալու միտք ունի։



[1] Ամեն ինչ ներառեալ: