Նամակներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

179. [ԶԱՐՈՒՀԻ ԳԱԼԵՄՔԵԱՐԵԱՆԻՆ]

23 փետրուար, 1913, Բերա
Ս. Գր. Լ. Ուսումնարան,
Եէշիլ փողոց, թիւ 1

Ազնուափայլ ատենապետուհի ազգ. [ային] ուսանողներու նպատակամատոյց խնամակալութեան,

Իբրեւ նախկին ուսուցիչը պր. Յարութիւն Սէրայտարեանի եւ բոլորովին ծանօթ մը իր թշուառ կացութեան՝ պատիւ ունիմ անարժանաբար ես եւս վկայել իր խնդրագրին մէջ տուած տեղեկութեանց ճշգրտութեանը մասին։ Կը խնդրեմ մասնաւորապէս, որ իր թախանձանքը չմերժուի` վստահ ըլլալով, որ իր բարեմասնութեամբը ապագային օգտակար անհատ մը պիտի ըլլայ ազգին եւ արդիւնաւոր պիտի կացուցանէ Ձեր կողմէ իրեն եղած թանկագին օժանդակութիւնը։

Մնամ յարգանքներով
Դանիէլ Վարուժան