Նամակներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

60. ՍՏԵՓԱՆ ՍԱՐԵԱՆԻՆ

[23-25] նոյեմբեր, [1906, Կանտ]

Սիրելի մեծ Հայր,

Ամսոյս 20-ին գրած Ձեր պատուական նամակը ստացայ։ Կ՚ըսէք, թէ ըստ բաւականի ապաքինած էք. կը մաղթեմ կատարեալ առողջութիւն։

Կը ցաւիմ, որ Ձեր կարողութիւնը գլխու վրայ չի թոյլատրէր համալսարանի ծախքին վճարման. հոգ չէ, քանի որ Ձեր քով բարի կամեցողութիւնը չի պակսիր եւ անոնց քով՝ համբերութիւնը։ Կարելի է յետաձգել, բայց ոչ ամբողջովին. առաջուց հարկ է փոքր, պզտիկ գումար մը վճարել 40-50 ֆրանք։ Վստահ եմ, թէ այս փոքր կանխիկ հատուցումը երբեք արգելքի մը պիտի չհանդիպի՝ Ձեր նիւթական վիճակը ինչ որ ալ ըլլայ։ Մնացեալը վերջը, շատ-շատ քանի մը ամիս յետոյ դարձեալ 50 ֆրանք, եւ այսպէս յաջորդաբար՝ մինչեւ որ փակուի 250 ֆրանքի հաշիւը։ Եթէ այս Ձեզ դիւրութիւն մ՚է՝ ինձ համար ուրախութիւն մը կ՚ըլլայ, որուն համար երախտապարտ եմ եւ շնորհակալ անվերապահօրէն եւ ճշմարտապէս։

Փոխարէնը։ Ամէն ջանք կ՚ընեմ՝ ըլլալ պարծանք դաստիարակներուս, եւ օգտակար ազգին. ահա՛ պարտքս. գիտակցօրէն կ՚ըսեմ եւ այս կը նկատեմ պարտքը բոլոր հայ երիտասարդութեան, մանաւանդ անոնց, որոնց ծնողքը գրեթէ ոչինչ ըրած են, բայց եթէ ազգը, որուն անդամներովը զարգացած են եւ նիւթականովը սնած։

Դասերուս կը յաճախեմ. քանի կը յառաջանանք՝ այնքան հմայք մը կը ստանան անոնք. արդէն վարժարանին մէջ ծնած ուսման կորիզը օրէօր ներսս առողջ զարգացում մը կը ստանայ։ Սորվելու, ուսումնասիրելու եւ ստեղծելու մղում մը յիս կը գոյանայ, ճիշտ է, տակաւին տարտամ, տակաւին տժգոյն, բայց առողջ եւ յարաճուն։ Օր մը, երբ անոնք աւելի զօրեղնան եւ աւելի բեղնաւորին՝ գուցէ երեւակայութիւնս զանոնք իր ինքնուրոյն սերմին հետ շաղուէ եւ արտադրէ։ Դեռ ինքզինքս հունտ մը կը զգամ, գրեթէ փոշի մը՝ խնամարկու ձեռքերէ նետուած ջերմ արեգակին եւ մայիսի անձրեւի տակ. անոր միջի սերմնատակը մաքուր է եւ զօրեղ. պիտի չվիժի ան, ո՛չ, պիտի չուզեմ, որ վիժի, ահա այն ատեն ես իմ նպատակիս կը հասնիմ, երբ օգտակար ըլլամ ազգիս եւ խինդ՝ մշակներուս։

Գրիգորը բոլորովին առողջացած է. ինչ որ առողջանալիք չունի, այն ալ տեղուոյս խոնաւ եւ մշուշոտ կլիման է, որ միշտ ամէն կազմութիւն տրամադիր կ՚ընէ հիւանդանալու։ Բայց Գրիգորը բոլորովին անցուցած է տկարութիւնը, արդ մանաւանդ զգուշաւորութեամբ աւելի կը կազդուրուի։

Կ՚ողջունէ զձեզ, համբուրելով սուրբ աջերնիդ՝ մաղթելով ինծի հետ առողջութիւն Ձեզ։

Յարգանքներով
. Վարուժան]

                                       [ամսահաշիւ]

  ճաշ, սենեակ, քարիւղ                         75

  լուացք                                             2, 50

  թղթատարի                                       2, 10

  դասագիրք                                        8

  հերաթափութիւն, դեղ                        2, 25

  մանր-մունր                                       1, 20


                                                          91, 05