122.
ԹԷՈԴԻԿԻՆ
1
նոյեմբեր,
1908,
Կանտ
(Պելճիքա)
Ազնիւ
եղբայրակից
պրն.
Թէոդիկ,
Մեր
սիրելի
բարեկամ
Հայր
Մկրտիչ
Պոտուրեան
վարդապետ
քարտով
մը
Ձեր
դէմքը
ինծի
կը
ներկայացնէր,
որ
արդէն
ինծի
անծանօթ
չէր.
շատեր
Ձեր
մասին
հիացումով
խօսած
են
ինձ,
եւ
ահաւասիկ
բռնակալութեան
սուրը
հազիւ
թէ
մտքի
եղբայրներուս
մէջտեղ
խորտակուեցաւ
եւ
անհետացաւ.
ես
(չեմ
յիշեր
ո՛ր
լրագրի
մէջ)
կարդացի
Ձեր
«Երգ
երգոցը»`
գողտրիկ,
գունագեղ
եւ
իր
աննման
նմանութեան
մէջ՝
ինքնուրոյն։
Այդ
գրութիւնը
—
վստահ
եղէք
—
եկաւ
ամենայն
կերպով
ճերմակ
երես
հանել
Ձեր
համբաւը,
որ,
ինչպէս
ըսի,
արդէն
ինծի
հասեր
էր։
Յուսամ,
թէ
մեր
ձեռքերը,
զոր
այնքան
ազնուօրէն
միացուց
Հայր
Մկրտիչ
վարդապետ,
տեւականապէս
պիտի
սեղմեն
զիրար
բարեկամական
եւ
գրական
ճամբուն
վրայ։
Յիշեալ
քահանան
եւ
մէջ
այլոց
ինծի
կը
գրէր
թէ
կը
հրատարակէք
«Ամէնուն
Տարեցոյցը»
եւ
ինձմէ
կը
փափաքիք
ունենալ
ոտանաւոր
մը,
լուսանկար
մը
եւ
կենսագրական
ստուերագիծ
մը։
Նախ
թոյլ
տուէք
շնորհակալութիւնս
յայտնելու
Ձեր
այդ
բաղձանքին,
որ
ինծի
համար
պատիւ
մ՚է,
որուն
եթէ
արժանի
ըլլալ
չջանայի՝
զայն
ընդունելը
յաւակնութիւն
պիտի
ըլլար
իմ
կողմանէս։
Ոտանաւորը
ահա
կը
ներփակեմ։
Կ՚ուղարկեմ
լուսանկարս
ալ,
զոր
«Տարեցոյցին»
մէջ
այն
ատեն
զետեղեցէք,
երբ
աւելորդ
էջ
մը
դատարկ
մնայ։
Համոզուած
եմ,
թէ
ժողովուրդին
ինքզինքնիս
յիշատակ
տալէ
առաջ
նախ
պէտք
է
ինքզինքնիս
զոհ
տանք,
Վահագնի
բագնին
վրայ՝
թէ
քնարի,
ատիկա
նոյնն
է։
Իսկ
իմ
քերթուածներս,
ո՛վ
հեգնութիւն,
երբ
անդին
Ալիշանի
եւ
Աբովեանի
պէս
հանճարներ
կ՚աշտարակուին
վիթխարիօրէն։
Գալով
ինքակենսագրականի
մը,
զոր
կը
փափաքիք
եղեր՝
ի՞նչ
կարող
եմ
գրել
այդ
մասին,
երբ
դեռ
բեղնաւոր
կեանք
մը
ապրած
չեմ։
Այսքանով
գոհ
կ՚ըլլա՞ք,
երբ
ըսեմ,
թէ
ծնած
եմ
1884-ին
Սեբաստիոյ
մօտ
Բրգնիկ
գիւղը,
ուր
աճած
է
մանկութիւնս՝
ուռենիներու
տխուր
հովանիներուն
տակ
երազկոտ,
կամ
գետեզերքներուն
վրայ
բադերուն
քարեր
նետելով
անառակօրեն։
Դեռ
հազիւ
ես
թիթեռնիկներ
որսալու
հասակին
մէջ,
հայրս
պանդխտած
է
Պոլիս,
եւ
մայրս
ձմեռնային
երկար
երեկոները
թոնրատունը
նստած՝
երեւակայութիւնս
օրօրած
է
ենիչերիներու
եւ
գայլերու
պատմութիւններով,
երբ
Մեյրեգումի
հովը
կու
գար
բուխերիկին
մէջ
մերթ
ոռնալ
եւ
մերթ
դեւի
ձագի
մը
նման
լալ։
Գիւղին
դպրոցը
հազիւ
սկսած
եմ
ժամագիրքը
կարդալ
սորուիլ՝
զիս
տարած
են
Պոլիս
1896-ի
Կոտորածի
օրերուն,
ուր
հայրս
արեան
սարսափին
մէջ
փնտրելէ
յուսահատ՝
գտած
եմ
բանտին
մէջ
այն
տխուր
օրերուն
ստօրէն
ամբաստանուած։
Երկու
տարի
յաճախած
եմ
Սագըզ
Աղաճիի
Մխիթարեան
դպրոցը.
յետոյ
Քաղկեդոնի
վարժարանը,
ուր
երկար
ատեն
պատանեկութիւնս
երազած
է
ընդմէջ
Մոտայի
ծովակին
եւ
Դուրեանի
ոսկրներուն՝
Սկիւտար։
Արձակուրդներս
ընդհանրապէս
անցած
են
հօրս
քով,
Խաւեար
խանը՝
հայ
պանդուխտներուն
հառաչանքներուն
եւ
վէրքերու
տրոփիւնին
ունկնդիր։
Հայր
Արիստ,
Քասգանտիլեան,
որ
նոյն
ատեն
տեսուչ
եղած
է
Քաղկեդոնի
վարժարանին,
առաջնորդած
է
մանկական
նախափորձերս՝
սրբագրելով
սիրահարական
ոտանաւորներս
եւ
յետոյ
(1902-ին)
ուղարկած
է
զիս
Վենետիկ,
Մուրատ-Ռափայէլեան՝
բարեւելու
համար
իր
տեղը
Ալիշանի
նուիրական
աճիւնը։
Մ.
Ռափայէլեանի
մէջ
է,
որ
ճանչցած
եմ
յեղափոխութեան
ոգին,
կարդալով
Ժ.
Ժ.
Ռուսօն,
Թոլստոն
եւ
«Դրօշակը»՝
հազարումէկ
դժուարութեամբ։
Եւ
հիմա
ահաւասիկ
երեք
տարի
է
Պելճիքայ
Կանտի
համալսարանն
եմ
եւ
կ՚ուսանիմ
«Քաղաքական
եւ
ընկերական
գիտութիւնները»։
«Սարսուռները»
գրուած
են
Վենետիկ,
իսկ
հայրենասիրական
ոտանաւորներս՝
ուսանողութեանս
մէջ,
որոնք
տակաւին
չկրցայ
ամբողջական
հատորով
մը
հրատարակել,
անոնց
մեծամասնութիւնը
կարելի
է
գտնել
«Բազմավէպի»,
«Անահիտի»,
«Շիրակի»,
«Ռազմիկի»
եւ
«Հայրենիքի»
մէջ
ցիրուցան
լոյս
տեսած։
Երկու
միջավայր
ազդած
են
վրաս,
Վենետիկը
իր
Թիցիանով
եւ
Ֆլանտրը
իր
Վան-Տէքներով։
Առջինին
գոյները
եւ
վերջնոյն
բարբարոս
իրապաշտութիւնը
յօրինած
են
վրձինս,
զոր
սնափառութիւնն
ունիմ
թաթխած
ըլլալու
միմիայն
հայրենի
հողին
որդան
կարմիրին
մէջ
եւ
ծովածուփ
արեանը։
Իսկ
բաղձանքս,
եթէ
կ՚ուզէք,
բաղձանքս
է
ապագային
մարդերուն
նուիրել
այնպիսի
հզօր
երգ
մը,
որ
հայրենիքը
ինծի
պէս
արարած
մը
ծնած
ըլլալուն
գոնէ
չզղջայ։
Ահա
ի՛նչ
որ
համառօտ
կերպով
կարելի
էր
ըսել։
Ընդունեցէք
յարգանքներս
Դանիէլ
Վարուժան