Նամակներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

17. ԱԹԱՆԱՍ ՏԻՐՈՅԵԱՆԻՆ

[5-7 յունուար, 1906, Կանտ]

Սիրելի Հայր Աթանաս վարդապետ Տիրոյեան,

Ձեր նամակը խիստ ուրախացուց զիս։ Հոն հայրական զգացումներու բորբ [արեւ] մը քաղցր յիշատակներու ներդաշնակ կը կայծկլտար։ Շնորհակալութիւններս Ձեր ղրկած ընծայիկին։

Տպարանի վերատեսչին նամակն ստացայ, որուն արժանի պատասխան առաւելաւն հանդերձ կը գրեմ։ Կ՚ըսէ թէ միայն «Գեղունիի» տպածները գիրք կ՚ընեն, եւ ըսած ենք ատկէ կը հանենք 500 օրինակ, անոր 200-ը վար կը դնենք իբրեւ թուղթի վարձ եւ 300-ը քեզ կ՚ուղարկենք, եւ այս ամէնը՝ շնորհք մըն է, որ միայն քեզի ըրած ենք։ Ահա այդ նամակին կարճ եւ պարզ [ենթական], ինչպէս ամէն չարշըական նամակները։

Արդէն [1 անընթ. ] «Գեղունիին» մէջ կը [1 անընթ. ] որ իրենց շահ է եւ ինծի վնաս, ոտանաւորներուն 1 / 4 կը հրատարակեն եւ անոր 200 օրինակը կ՚առնեն եւ դարձեալ [առանց]ամչնալու կ՚ըսեն, թէ շնորհ է ըրածնին։ Երբ կը մտածեմ, ընդհակառակը կը տեսնեմ, որ ես եմ, որ իրենց շնորհ մը կ՚ընեմ։

Կը գրէք «Conti senza lorte» երբեք. ես այդ պանդոկապետին առաջուանէ վարժարանեն գրած եմ. դեռ նամակին պատճէնը քովս է. բայց այդ պանդոկապետը ինձ չպատասխանեց, ոչ թէ ժամանակ չունենալուն համար, այլ կը վախեր, որ լսելով իր պանդոկապետի պայմանները, քանի մը շարած ոտանաւորներուն շարքն ալ քակել պիտի տայի։

Եղածը եղած է. իր սեմին վրայ կօշիկիս փոշին կը թօթուեմ. իսկ եթէ բան մը կայ, որ զիս արդար մռնչիւններով կը լեցնէ, միայն այն է, որ նամակին ամէն տողերուն մէջ կը հեղեղուի թէ ինծի շնորհ մը կ՚ընեն, ով աճպարարութիւն. “Decipimúr Specie recti”.

Անցնինք։

Հոս գրական, [արուեստի] եւ իմաստա[սիրական] համալսարան կ՚երթամ. հանգիստ եմ եւ զարգացման ամէն առիթներ ունիմ։

Նպատա՞կս. մութի մէջ է. ինչպէս դեռ մութի մէջ է հայ ազատութեան դատը. ամէն լոյս այս ամպին հերձումէն պիտի ցայտի. դեռ երկու-երեք տարի. յուսանք եւ սպասենք։ Հոս վարժարանիս ընկերներու հետ փոխադարձ մեծ յարգանքի մէջ ենք. մանաւանդ վարժապետներս խիստ սիրալիր եւ մերձաւոր հայեացքով կը նային վրաս. կարծես հայ եմ՝ անոր համար։

Մեծ վիշտն այն է, որ հոս հայութիւն չկայ։ Նամակներով անոր քաղցրութիւնը, կը վայելենք։

Խնդրեմ, սիրեցեալ Հայր, ուղարկեցէք բոլոր տետրակներս։ Պէտք եղած ատեն ես Մխիթարեան Միաբանութեան ալեւոր «Բազմավէպին» քերթուածներ կ՚ուղարկեմ։

Մնամ սուրբ աջդ համբուրող, միշտ Ձեզ այնքան յարգող, որքան սիրող

Դանիէլ Վարուժան