Նամակներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

111. ԱՐՇԱԿ ՉՕՊԱՆԵԱՆԻՆ

1 ապրիլ, 1908, Կանտ.

Սիրելի պ. Չօպանեան,

Ձեր սրտի երկերուն շարքին կը սպասեմ։ Երիտասարդ սերունդը Ձեզ յաւէտ երիտասարդ պիտի գտնէ եւ հաճոյքով պիտի կարդայ։ Եթէ ամէն գաղափար բառ մ՚ունենար՝ պէտք էր, որ աշխարհիս ամբողջ գրքերը բառարան ըլլային։ Ճիշդ է. «Յղի» տիտղոսը օտարոտի է եւ քիչ մըն ալ հասարակ քերթուածին intime ton-ին [1] համար։ Բառ մը կ՚ուզեմ որ ըլլայ ազնիւ եւ յղութիւնը իր active [2] եւ ամբողջ տեւողութեան մէջ նշանակէ։ Այդպէս բառ մը չունինք. ես շինել ուզեցի «Մայրեղութեան» ձեւով. բայց աս ալ լսելիքս չգոհացուց. եթէ կ՚ուզէք՝ դրէք, եթէ ոչ՝ առանց խորագրի. ինծի համար միեւնոյն է։ Ես իմ մտածումիս մէջ գոհ եմ եւ ուրիշները այդ աստիճան խղճմտօրէն մտածելու անձնանուիրութիւնը չունիմ։ Իսկ գալով «ազդրերուն», ես յանդգնութիւնը կը սիրեմ, բայց շնորհքը աւելի սիրելուս՝ կ՚ընդունիմ Ձեր ազնիւ դիտողութիւնն. լաւ է դնել այսպէս.

«Ու ես առջեւըդ գորգին վըրայ ծընրադիր
Համբուրեմ խաժ երակներն
Այդ ձեռքերուդ՝ որոնցմէ լոյս կը ծորի,
Մարիա՛մ, տաք շըրթունքներուս տակ կը զգամ
Էակ մ՚որ, լուռ, արիւնդ ումպ ումպ կը խըմէ…»

Մի օր ուրախութեամբ «Արմէնուհին» վերստին Ձեզ կը ղրկեմ, վասնզի տակաւին չեմ արտագրած։ Եթէ «Ջարդին» ուզէք ազդ մը դնել՝ խնդրեմ նշանակեցէք Librairie Gouttenberg Tiflis հասցէն։ Ձեր քերթուածներուն մէջ այն ոտանաւորը, որում կը նկարագրէք Ձեր մեռած սէրը, կ՚երազէք պճնել, դագաղ դնել եւ վրան գաղտնի արտասուել, կատարեալ գեղեցկութիւն մըն է, եւ չեմ գիտեր ինչպէս մոռցած էի. հիացումս յայտնել։

Միշտ Ձերդ
Դ. Վարուժան



[1] Մտերմական տոն:

[2] Ակտիւացուած, ուժեղացուած: