Նամակներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

127. ԹԷՈԴԻԿԻՆ

[Ա]

9 յունուար, 1909, Կանտ

Ձեր «Տարեցոյցին» ամբողջութիւնը առաջին հաւաքական արձագանքն էր ազատութեան ձայներուն։ Հայ գրիչներու խմբանկարն էր՝ ազատութեան տօնին ատեն միահամուռ կարծես լուսանկարուած։ Ձեր շարժումը Ձեր մտածումէն աւելի արագ պէտք է ըլլայ՝ երբ այսպէս ստուար, այսպէս շուտ եւ մանաւանդ այսպէս խնամուած երկը լոյսին նետեցիք։ Մէկ խօսքով, 1909-ի տարեցոյցնիդ 1900 չգիտեմ դեռ քանիին համար եւս պիտի մնայ գնահատելի, եթէ մեր հասարակութիւնը իր ճաշակին մէջ չի ծերանաj։

[Բ]

Առողջական պատճառով ներէ՛ որ ուշացայ քեզի պատասխանելու։ «Տարեցոյցդ» կարդալէ վերջ՝ ուզեցի նամակս գրել։ Այսօր հազիւ ակնադալուկ Էսգիւլապէն հրաժեշտ առած՝ կու գամ փոխադարձ շնորհաւորել վարդավառվռուն Վահագնիկը, որ այնքա՛ն գողտրիկ կերպով իր երէց հայ եղբայրներուն իբրեւ կաղանդչէք կը նուիրէ մը այն մարգրտէ պսակէն, զոր իր ժիր հայրիկը իրեն քրտինքով եւ ճարտարօրէն հիւսեր է որբերուն սեւ գլխուն համար։

…Եթէ քիչ մըն ալ ինծմով կը հետաքրքրուիս, սկսած եմ հայրենասիրական քերթուածներս կարգի դնել եւ մանր retouche-ներ [1] ընել։ Մեկենաս մը գտնել կ՚ուզեմ։ Հիմա կը հասկընամ, թէ որքա՛ն անիծուած են գրագէտները, մօր մը աղեգալար երկունքովը կը ծնանին իրենց երկը, իրենց զաւակը եւ տունը զգեստ չունին, որ զայն պճնեն եւ արեւին լոյսին՝ դէպի դաշտերը հանեն այդ դաշտերու որդին։ Եթէ գրելը վերջիվերջոյ հիւանդութիւն չդառնար, շատ գրագէտներ գրիչնին փշրած՝ պիտի երթային գինեպան ըլլային։ Թո՛ղ թէ վիճակի այդ փոփոխութիւնը նուազ է, ու միշտ պաշտօննին գինովցնել է։ Վստահ եղի՛ր, բոզ մը աւելի կը սիրուի ժողովուրդէն, քան թէ գրագէտ մը, թէպէտեւ ա՛ն ալ կը բոզանայ՝ իր երկը հասարակութեան առջեւ դնելով։ Ժողովուրդը գրագէտ մը չի վարձատրեր, լաւ գիտնալով, որ ան, պէտքեն զատ, դրամին յարգ չի տար, բայց չի ալ փառքի պսակ նետեր, վասնզի ժողովուրդը գովել չի գիտեր, երբ հիանալու անկարող է…

Ամանորի շնորհակալութիւններս։ Նոր տարին ամէն հայու ընտանեկան երդիքները անշէջ աստղերով հովանաւորէ։

Քոյդ
Դ. Վ.



[1] Սրբագրում, ուղղում։