Նամակներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

110. ԱՐՇԱԿ ՉՕՊԱՆԵԱՆԻՆ

22 մարտ, 1908, Կանտ

Սիրելի պ. Չօպանեան,

Ձեր քերթուածներն ընդունեցայ շնորհակալութեամբ եւ ուրախութեամբ։ Ան Ձեր հոգւոյն իսկութիւնն է, գանձն է, զոր խանդաղատանքով քովս պիտի պահեմ։ Հոն անթիւ գոհարներ կան՝ մաքուր եւ վսեմ ծովու մը յատակէն դուրս բերուած, որոնց մասին իմ գնահատումս բարձր է։ Մեր ժողովուրդը պէտք է Ձեր վրայ երկար մտածէ ու երկար խօսի. իսկ եթէ այդ բանը պէտք եղածին չափ չըներ ան՝ յանցանքը իր կուսակցականութեան մոլեռանդութիւնն է։ Ասիկա զիս կը զայրագնէ, երբ անդին կը տեսնամ այսինչ կամ այնինչ դրօշակի պատկանող ոչնչութիւններ ուսերու վրայ ամէն օր կը խնկարկուին իսրայէլացիներու հորթին նման։

Երբ ամբողջ գիրքը կարդացի լմնցուցի։ Ձեզ կարծես տեսայ դէմ առ դէմ, Ձեր հոգին թէպէտեւ տարբեր տարիներու մէջ մի առ մի լուսանկարուած՝ բայց իր եսին մէջ՝ միշտ նոյն, միշտ համակրելի։ Եւ հետերնիդ Ձեր սրտին իմաստասիրութիւնը համառօտեցի սա տողերուն մէջ.

Ողբալ զո՛ւր է. եւ վա՛տ է, բայց եւ խո՛յս տուր շընական
Ու գռեհիկ ծաղրանքէն, ազնիւ ու քաջ տրտմութեան
Քօղ մը հըստակ՝ լաւագոյն պատմուճանն է հոգիին։

Կը խորհեմ, թէ Դուք շատ տխուր պէտք էիք ըլլալ եւ նոյնիսկ յուսահատ՝ եթէ Ձեզ նուիրուած չըլլայիք իտէալի մը եւ հոգեքանդակ աշխատութեանց ճնշումին։ Ո՛հ, անտանելի է, անտանելի՜ է յանձնուիլ Արուեստին, հոգին յղկել, ազնուացնել, նրբացնել ու դեռ ապրիլ կոշտ ու կոպիտ էակներու մէջ. գիտեմ թէ այդպէս մարդը ի՛նչ ծածուկ հիւծումներ եւ ի՛նչ թաքուն արիւններ կը կաթէ։

Ձեր ընտիր քերթուածներուն մէջ ընտրութիւն մ՚ընել ինծի դժուար եղաւ. եթէ պսակին ճարտարահիւս շարքը չեմ եղծաներ՝ պիտի ըսեմ, թէ գոհարներու գոհար կը համարեմ եւ կը սիրեմ հոգեւին, «Մեռնի՜լ», «Լոգուհիները», «Կովը», «Գիշերն ահա իր բարեկամ», «Եղերերգ», «Առաջին ձիւն», «Առեղծուածը», «Մայր Հայաստանին», «Հիւանդանոցը», «Գիշերին մէջ», «Սփինքսը» ու հոգեթով «Մօրս» ու «Հօրսը» եւ կան դեռ ուրիշները, որոնք կարդացուելէ աւելի պիտի երգուին՝ որչափ որ Արեւն ու Սէրը Մարդ էակին անհրաժեշտ ըլլան։ «Աստղերը», որ ուրիշ հրաշակերտ մըն է, կարդալէ վերջ՝ զարմանալի զուգադիպութեան մը հանդիպեցայ. «Աստուծոյ արցունքներն» անունով քերթուածիկ մ՚ունիմ, կարծեմ հինգ տարի առաջ Վենետիկ գրուած, գլխաւոր գեղեցկութիւնն, որ արցունքներու եւ աստղերու նմանութիւնն է՝ Ձերինին հետ ճիշդ նոյնն է։ Մարդկային մտքի եղբայրութիւ՞ն մըն է, թէ անգիտակից գողութիւն. չեմ գիտեր. բայց ահա աւազակի ձեռքերուս գելոց զարկած՝ զիս Ձեր առջեւ կը բերեմ ղրկելով քերթուածիկը։

Աստուծոյ արցունքները

Երբ միջոցին մէջ տեղի տըւած չէր
Դեռ Ոչընչութիւնն այս Տիեզերքին,
Ես կարծեմ Աստուած բան մը կը փընտռէր,
Որ դարման ըլլայ ձանձրոյթի վէրքին։
Արդ Ան շրջեցաւ միջոցը մէկէն
Եւ հոն իրմէ զատ բան մը չըգըտաւ,
Էութիւն մ՚ուզեց իր էութենէն.
Իր էութիւնն իր արձագանքն եղաւ։
Յետոյ դառնալով տըխուր եւ անոք,
Համըր լըռութեան եւ կոյր Ոչընչին՝
Ան իրենցմէ ի՛նչ մ՚ուզեց, եւ անոնք
Ինքզինքնին տըւին կամ բան չըտուին։
Երբ անհունն այսպէս դատարկ գըտաւ Ան
Իր մէջ ըզգաց խոր եւ դառնագին ցաւ,
Ու լըռութեան վրայ եւ Ոչընչութեան
Յուսհատութենէն աղէկ մը լացաւ։
Վարն իր արցունքներն ուզածը տըւին՝
Ըլլալով մէյմէկ աստղեր երկընքին,
Եւ մարդուս նըման նաեւ Աստուած ալ
Մըխիթարուելու համար ուսաւ լալ։

«Արմենուհին» սրբագրած եմ եւ յանգաւոր ըրած եմ, եւ որովհետեւ անգամ մը գրուած էր անյանգ՝ այդ բաւական դժուար եկաւ ինձ. բայց այդպէս իրաւնցէ շատ սիրուն եղաւ կամ աւելի՛ լաւ՝ քան առանց յանգի, վերջերը հինգ-վեց աւելցուցած եմ նաեւ, զայն ընելով, իմ կարծիքով, վերջնականապէս յղկուած է կոկիկ վիպերգ մը։ Ֆրանսերէն արձակ քերթուած մը գրած եմ դեռ իբրեւ նոր՝ լոկ ֆրանսերէն սորվելու համար հոս՝ հերոսի մը արձանին վրայ։ Անիծեալ ըլլայ ճակատագիրը, որ զիս ստիպած է բոլորովին տարբեր նիւթի եւ աշխատութեանց լաւագոյն ժամանակս զոհել։

«Ջարդերու» մասին տակաւին գրավաճառներէն լուր առած չեմ. պ. Զարդարեանի քով կրցայ միայն մաս մը զետեղել: Ազդի համար երբ հասցէներ ստանամ՝ Ձեզ արդէն կը գրեմ։

Ընդունեցէք յարգանքներս եւ հիացումներս

միշտ սիրով Դ. Վարուժան