Նամակներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

173. ԹԷՈԴԻԿԻՆ

[Յունուարի սկիզբ, 1912] Թոգաթ

Սպասեցի որ լրացնեմ «Տարեցոյցիդ» եւ «Կաղանդիդ» ընթերցումը։ Եւ որչա՜փ դժուար է կարդալ հոս՝ գաւառի մէջ, իմ այս յոգնեցուցիչ կեանքովս։ Մտքի հաճոյք չկայ այստեղ. ըղեղի կատարեալ բզքտում է, երբ մարդ ստիպուած է գօտեմարտիլ ետ մնացած երկրի մը բիւրաձեւ կամ, լաւ եւս, տձեւ խաւարին հետ։ Բայց սքանչելի էին քու էջերդ «Կաղանդին» մէջ՝ իրապաշտ, աշխարհիկ, դիտուած, ապրուած։ Կեանքն է անոր մէջ՝ սրտովդ լուսանկարուած, յետոյ զգացումիդ ներկերովը երփնազարդուած։ Իսկ անոնց լեզո՞ւն. ինչպէ՛ս որակեմ, այնքա՛ն ինքնատիպ է, մէկ խօսքով կարելի է ըսել միայն… Թէոդիկի լեզու. մէ՛կ տողէն իսկ կարելի է ճանչնալ զայն՝ ի՛նչ տեսակ գրչով կամ մելանով ալ գրուած ըլլայ։ Յետոյ «Տարեցոյցդ»՝ անգամ մը եւս վերածնած իր գեղեցկութեան մէջ։ Շտեմարան մը, ուր առած եւ հաւաքած ես տասանորդը հայ մտքին միամեայ արտադրութեանց, աւելցնելով միշտ քեզմէ բան մը՝ ճաշակիդ խղճմտանքը, եթէ կարելի է այսպէս բացատրել։

Դանիէլ Վարուժան