Նամակներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

25. ՌԱՖԱՅԷԼ ՊԱԶԱՐՃԵԱՆԻՆ

6 փետր., 1906, Կանտ

Սիրելի տօգ[թօր] Պազարճեան,

Ձեր նամակին ամէն մէկ տողը կարծես վերածնութիւն մը ստեղծեց մէջս. խորհուրդները, զոր ինծի կու տաք Ձեր կուրծքին տակ բարեկամէ մը աւելի եղբայր մը կը մատնեն ինձ. զանոնք համապատասխան հողի վրայ կը սերմանէք. շնորհակալութի՜ւն։

Կը գրէք. «Առաջին անգամ, որ անշահախնդիր թրքահայ կարեւոր մէկը ճանչնաս՝ ինծի լուր տուր»։ Այդ մասին դեռ անլուր եմ, եթէ չեմ ուզեր զՁեզ Ձեզի մատնանիշ ընել։

«Հայ գրականութիւնը իր ինքնուրոյնութիւնը կը կորսընցնէ»։ Շատ ճիշտ է։ Արդէն իսկ կորսնցուցած է։ Արուեստը մեր արուեստը չէ, իսկ գաղափա՞րը, երբէ՜ք։ Ըստ իս, եւ տակաւին ինծի համար՝ ահա օրէնքս. Մեր գրականութեան մէջ՝ արուեստը հայ պէտք է ըլլայ, իսկ անոր յատակը կամ հիմը կազմող գաղափարը՝ համամարդկային ։ Որ է բանաստեղծը սիրտը՝ Թորգոմեան, իմաստասէրը միտքը՝ համազգային։

Այսպէսով մեր զարգացումը յառաջդիմական տարրերու վրայ հաստատած պիտի ըլլանք՝ առանց մեր ազգային յատուկ դրոշմը կորսնցուցած ըլլալու։

«Հանդէս մը հայ գոյնով եւ գաւառացի ուժերով »։ Հրաշալի՜ յղացում, որուն ծնունդին համար ջանադիր պէտք ենք ըլլալ. անոր հարկաւորութիւնը, իբր դեղթափ տիրող ներկայ այլասերումին՝ խիստ զգալի է։ Ես ամենայն կերպով գաղափարակից եմ եւ անձնուէր ըլլալու պատրաստ։ Բայց ճիշտ է, որ դեռ հարկաւոր է ամփոփուիլ եւ զարգանալ մտաւորապէս ու նիւթապէս. այո՛, նիւթապէս, որպէսզի այսի՛նչ կամ այնի՛նչ հարուստին քմահաճոյքներէն անկախ ըլլանք։

Խորհուրդ կու տաք, որ կուսակցական վէճերու տակաւին չմասնակցիմ։ Օ՜ր մը մասնակցելու իսկ մտադիր չեմ։ Բայց եթէ հարցնէք, թէ այդ շրջանին մէջ ինչպէ՛ս պէտք է զիս որակեմ, կը պատասխանեմ թէ՝ համոզմունքով՝ յեղափոխական եմ Բայց միշտ անջատ դիրքի մէջ, ազատ կուսակցական ՝ եթէ կարելի է այսպէս ըսել։ Գեղարուեստ մը մշակող ամէն հոգի պէտք է անկախ ըլլայ, համոզուած եմ ասոր օգտակարութեանը։ Բայց իր անկախ դիրքին մէջ՝ պարտական է ամենազօրեղ մտրակիչն ըլլալ իր դաւանած կամ համակրած գաղափարին։ Գուցէ վերջերս «Դրօշակին» քերթուած մը ղրկեմ. նոյն թիւէն կը ջանամ ղրկել Ձեզ հատ մը։ Բայց ատիկա կարծեմ Ձեր ժամանակը կտրատելէն զատ՝ ուրիշ օգուտ պիտի չունենայ. Ձեր զբաղումներուն չափազանցութիւնը ինծի մտատանջութիւն կ՚առթէ. առողջութիւննիդ չկորսնցէք։ Քիչ մը աւելի հանգիստ տուէք Ձեր մտքին, արդէն ամէն գաղափարի համար մեր զուարթ անդորրութեան ու ժպիտին մէջ է, որ (մեր ուղեղին տակ) անձայն եւ լուռ կը հսկայանայ. աշխատութենէ վերջ կատարեալ հանգիստ մը ուրիշ աշխատութիւն մ՚է. գէթ ես այդպէս գտած եմ։

Մտադիր եմ այս օրերս Շեքսփիրի եւ Պայրընի ամբողջ գործերը գնել։ Գերմանական գրականութեան մէջ արդեօք ո՞ր հեղինակը աւելի ներշնչող է։ Ինծի նախընտրելի պիտի ըլլայ ան, որ գոյնը մտածման հետ հաւասար կը բարձրացնէ։ Ես այս բանս գտած եմ Շեքսփիրի եւ Հիւկոյի մէջ։

Երկարեցի։

Դերենիկէն եւ Գարեգինէն նամակներ միշտ կը ստանամ։ Գարեգինի ապագային մասին հարկ է խորհել. ես օրէօր կը դրդեմ, որ կեանքի եւ համալսարանի ընտրութեան մէջ քուէն այս վերջինին տայ։ Տեսնենք։ Մնամ ձեռքի ամենաջերմ սեղմումով

Ձերդ
Դանիէլ Վարուժան

Հասցէս՝

Rue Metdepenningen N 15

(Belgique) Gand