Նամակներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

61. ՍՏԵՓԱՆ ՍԱՐԵԱՆԻՆ

[17 դեկտեմբեր, 1906], Կանտ

Սիրելի մեծ Հայր,

Նոյեմբերի վերջը գրած նամակս կ՚երկրորդեմ. այս ամսուան դրամը չեմ ստացած դեռ եւ ոչ ալ 40-50 ֆրանքի կանխիկ գումար մը համալսարանին համար։

Ես կը հաւատամ, որ Ձեր կամքին հակառակ արգելք մը ունեցած պիտի ըլլաք։ Բայց սաստիկ կը խնդրեմ՝ յամենայն դէպս ջանայիք ուղարկել։ Ամբողջ 15 օր է անհամբեր կը սպասեմ, բայց իզուր. աչքիս մէջ մազ բուսաւ. եւ ես դրամը չստացայ։

Վերապատուելի Հայր. անծանօթ երկիր ըլլալուն՝ չէ կարելի ապառիկով ապրիլ. պարոն Գրիգորէն քիչ մը փոխ ըրած եմ. բայց ան ալ ինծի պէս ամիսը ամսուան ապրող մէկն է։ Կը խնդրեմ վերջ դնէիք տարտամ վիճակիս եւ մտատանջութիւններուս։

Ձերդ խոնարհ
Վարուժան