Նամակներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

30. ՍԱՀԱԿ ՀԱՃԵԱՆԻՆ

Փետրուար, 1906, Կանտ.

Արհի[ապատիւ] գեր[ապայծառ] Տէր Հաճեան.

Միջավայրի եւ պարագաներու պատճառաւ դժբախտաբար ուշ տեղեկացայ Ձեր յիսնամեայ յոբելեանին։ Եւ ես շատ ուշ կը բերեմ ահա բեռը զգացումիս ծաղիկներուն… գուցէ անոնց ծանրութենէն։

Պատանութենէս ի վեր գրեթէ գիտակցութեանս հետ ճանչցած եմ այն կուռ բարութիւնը Ձեր հոգւոյն, որ այսօր՝ 50 տարուան պայքարէ վերջ, իր այնքան յորձանքէն յաղթական դէպի փառքի արեւուն կը բարձրանայ՝ աղաւնիի մը թեւէն աւելի մաքուր եւ արծիւի մը պարանոցէն աւելի վեհ։

Ձեր գործերը սրտիս մէջ կը թուեմ եւ կը հիանամ դպրոցներու կանգնումէն մինչեւ այս վերջի տեղապահութեան պաշտօնը. առաջինին դրուատիքը թող մանուկները պատմեն ու վերջինինը ծերերը։

Պարծա՜նք Բրգնկայ։

Պարծա՜նք անոր, որ եթէ ժամանակ մը ապրածս եղաւ, այդ իր երէկուան լեղիին ու քացախին մէջ Ձեզ համար այսօր վարդերու հեղեղ մը կը հասունցնէ. վաղը արհ[իապատիւ] Տէր, Ձեր անուան յաւերժութեան համար իր հազարաւոր որդիները դափնիներու պիտի փոխակերպեն։

Գալով իմ մասին, խոնարհ համբոյրներ Ձեր սրբազան մատանիին, համբոյրներ Ձեր սուրբ աջին, որուն ներքեւ ամբողջ ժողովուրդ մը առաջնորդուեցաւ դէպի լոյսն ու կրակը։

Այս քանի մը տողերուն մէջ կը բերեմ, այնքան շատերու հետ, նաեւ իմ բարեմաղթութիւնները եւ կը դնեմ հոգիս, սիրտս Ձեր փառքի այն յուշարձանին ստորոտը, որուն գագաթը մեծերը միայն կը քանդակուին։

Մնամ Ձեր սրբազան մատնինիդ համբուրելով, խոնարհ ծառայ

Ձեր Դ. Վարուժան