Նամակներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

57. ՌԱՖԱՅԷԼ ՊԱԶԱՐՃԵԱՆԻՆ

3 նոյեմբեր, 1906, Կանտ

Սիրելի տ[օքթօր] Պազարճեան,

Ստացայ վերջին քարտերնիդ։ Գուցէ Ձեզ չափ ուրախացայ պուլկարահպատակ ըլլալնուդ եւ սպայից վարժարանը մտնելնուդ մասին՝ որքան Դուք պիտի ուրախանայիք, եթէ քանի մը տարի աւելի Եւրոպա մնայի։ Կը կարծէ՞ք, որ Ձեզ յուսախաբ ընենք ես եւ Դերենիկը, ի՞նչ տեսակէտով. զարգացման անշուշտ. բայց մտաւորական հողին վրայ արդէն Ձեր բարեւը՝ մեր չուկէտին՝ ապացոյց մըն էր մեր բերման եւ կամշոտութեան, իսկ գուշակութիւն մը՝ մեր անխոտոր ժամանման. հետեւաբար եթէ Դուք յուսախաբ ըլլաք՝ Ձեր գուշակութեան մէջ պիտի ըլլաք. այդ անյուսալի է, քանի որ գուշակութեան աւելցած է Ձեր բարոյական խթանը, որ ապացուցուածին մէջ կը պակսէր։ Ինձ քաղցր է գալ Ձեր գրախօսականին՝ գուցէ դեռ Ձեզ կատարեալ կերպով երախտամատոյց չըլլալուս համար. քանի մը տողերը, որով ուզեր էիք ինձ որակել զայն, որոշ գաղափար մը չտուին. պիտի խնդրէի, որ տպուելէն առաջ անգամ մը կարդայի. կարծիքս կը լսէք Ձեր կարծիքին վրայ՝ գրքին գրական արժէքին մասին, հոգ չէ եւ ոչ ալ կարեւոր, որ ազդեցութիւն մ՚ընէ։ Բայց ուրիշ տեսակէտով յուսամ, թէ ինծի աւելի օգտակար կ՚ըլլաք։ Յղեցէք, շուտ կը վերադարձնեմ։ Ուրիշ ատեն տարուան համալսարանական ընթացքիս մասին որոշ կը գրեմ. անշուշտ Ձեզ պիտի ուրախացնեմ։ Դուք միշտ Ձեր խորհուրդները տուէք երկաթէ ձեռքով, մեր արդիւնաւոր փոխարինութիւնը անոր խարտոցը պիտի ըլլայ։

Հանգիստ եմ եւ կ՚աշխատիմ ինչպէս որ պէտք է. ու կը մնամ միշտ Ձերը

Դ. Վարուժան