Նամակներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

125. ԴԵՐԵՆԻԿ ՃԻԶՄԵՃԵԱՆԻՆ

[11-17] նոյեմբ., 1908, Կանտ

Դերենիկդ իմ,

Նամակդ սահմանուած էր մէջս քօղազերծ ընելու կարօտի հնոցը։ Զիս յուզեցիր։ Արցունքով վայելեցի ամբողջ réaliste-ի [1] նկարագրութիւնդ, վասնզի ան «հայրենի» էր վերէն վար։ Դէմառդէմ կը տեսնէի զքեզ նաւուն մէջ, ծովուն վրայ լեռներուն դիմաց եւ հոս՝ գործատուններուն մուխին մէջ, օտար երկնքի տակ կը հառաչէի. քու հայրենասէր աչքերովդ կը ջանայի մխիթարել սիրտս, բայց քանի անգամ որ աչքերդ երեւակայութեանս առջեւ բերի՝ անոնց մէջ միայն Իտալիոյ երկինքը տեսայ եւ Փոյի անցնիլը մեղմահոս։ Դու փոխուած էիր, հայրենի հողը քու մանկութեանդ կնիքը վերադարձուցած էր քեզի, եւ դու Եւրոպացի մ՚էիր միայն մտածումներուդ մէջ։ Ահա ինչ որ տարիներով կ՚երազեմ, -վերապրիլ մանկական հասակիս սրտին մէջ՝ երկնահուպ ժայռի մը վրայ, Ալիսի եզերքը, ոտքովս անցնող ալիքին հետ խաղամ, վայրկեա՜ն մը, վայրկեա՜ն մը միայն, եւ յետոյ թող անդունդը զիս կլլէ, զիս սրտիս հետ՝ այդ մէկ հատիկ գանձատուփիս հետ։

Բայց գանք քեզի, Եփրատի զաւակ, -Ոդիսական էր այն դրուագը, երբ սիրելիներով կը բոլորիք մէկ սեղանի շուրջ եւ կը խմէք Երիզայի գինին… կենացը (գուցէ) բոլոր պանդուխտներուն։ Եւ réaliste գեղեցկութիւն մ՚ուներ դարձեալ այն տեսարանը, երբ սիրակարօտ քոյրդ ձեռքդ բռնած, արտասուելով շարունակ կը կրկնէր՝ «անուշս»։ Կարծեմ կը տեսնեմ։ Ողջոյն բոլորին՝ Հողին եւ մարդերուն։

Որչա՜փ ուրախ պիտի ըլլայի, եթէ հօրս հետ ճամբորդած ըլլայիր։ Գոնէ քանի մ՚օր զիս իր քով պիտի կարծէր եւ հրճուէր։ Գրէ՛ դեռ բոլոր տպաւորութիւններդ, մանաւանդ Երզնկայի մէջ ունեցածներդ։ Եկող տարի՝ վստահ չեմ, բայց յաջորդ տարի կը տեսնուինք։ Անպատճառ ամբողջ Հայաստանը պէտք եմ տեսնել։ Կ՚ուզեմ համբուրել բոլոր այն տեղերը, ուր նահատակ մը ինկաւ կամ հերոս մը կոխեց։ Մենք այնքան մեծ ենք՝ որքան որ հողէն կը խմէք մեր զգացումները։ Ամէն ինչ հոդ է։ Դէպի մեր պապերուն։ Որ է՝ դէպի աստուածները։ Ա՜խ Դերենիկ, Մեծն Տիգրանի վրայ ի՜նչ հոյակապ դիւցազներգութիւն մը կը գրուի. բայց չէ կարելի առանց Հայաստանը տեսնելու։ Պէտք է տեսնել այն ժայռերը, զոր մեր պապերը կը գործածէին իբրեւ պարսատիկի քար։ Պէտք է տեսնել այն յաղթ կաղնիները, զոր կը վառէին առանց ամրատախիլ ընելու, եւ անոնց լոյսին ներքեւ նստած իրենց հերոսական յաղթութեան մեծ տօնը կը տօնէին. պէտք է տեսնել ամէն ինչ, ամէն ինչ, զոր դու արդ կը տեսնես. երանի՜ քեզի, Դերենիկդ իմ, հազա՜ր երանի։ Ուրախացի՛ր, սիրտդ բաւական ժամանակ պանդխտութեան մէջ խոցուեցաւ։

Լո՞ւր տամ իմ մասին։ Բայց ի՛նչ լուր. Եւրոպայի պէս հին եմ եւ Ասիոյ պէս տխուր։ Իտալիայէն հազիւ դարձայ Հիւսիս՝ եւ ահա մէկէն ագռաւ մը սրտիս վրայ իր սեւ թեւերը տարածեց։ Քնարն է միակ մխիթարանքս։ Գրեցի «Յառաջաբան» (Արձանը), «Արեան յաղթանակ» եւ «Յաղթողը», երեք ընդարձակ քերթուած քիչ ժամանակուան մէջ։ Գոնէ եթէ ուրիշ բանի չեմ գար, բանաստեղծութիւն ընենք. նայինք ճակատագիրը մեզ ո՞ւր կ՚առաջնորդէ։ Հազիւ այս գիրքս տպուի՝ պիտի սկսիմ պատրաստել «Գողգոթայի ծաղիկներուս» շարքը, ուր միայն ճշգրիտ կեանքը պիտի վերլուծեմ եւ երգեմ։ Պ. Չօպանեանը յոյս կու տայ, թէ Պոլսոյ մէջ անտիպներս հրատարակել պիտի յաջողցնէ միակ հատորի մը մէջ։ Կ՚սպասեմ։ Եւ սպասելով կ՚ապրիմ, արդէն ամբողջ կեանքը այսպէս չէ՞։

«Սարսուռներէն» եւ «Ջարդէն» 20-ական օրինակ կ՚ուղարկեմ։ Տարակոյս չունիմ, թէ պիտի տարածես։ Ինծի Պոլսէն կը գրեն, թէ «Մանզումէն» վերատպած է քերթուած մը «Սարսուռներէն», ես չեմ տեսած զայդ։ Քաջալերութիւն մ՚է ինծի եթէ հայրենակիցներս ինծմով սկսին հետաքրքրուիլ։ Ի՛նչ որ ցաւալի է՝ հօրմէս, մեկնելէն վերջ, նամակ չեմ ընդունած տակաւին։ Տեսնենք։

Դե՛հ, Դերենիկ, Երզնկան շարունակեցէք ծաղկեցնել բոլոր երիտասարդներդ միացած։ Պիտի սկսիմ դրամ շահիլ կ՚ըսես, դու դրամ շահէ եւ թո՛ղ որ տեղուոյդ տղաքներն ալ քեզմէ լոյս շահին։ Չմոռնաս անկիւնը լուսաւորել, մի՛ վախնար, անկեան լոյսը իր կարգին ամբողջ սրահը կ՚երթայ լուսաւորել։

Վաղը հոս մեր դասերը կ՚սկսին։

Արամէն եւ Նշանէն եւ տոգթորէն կը ստանամ նամակ, տոգթորը փափաք կը յայտնէ, որ եկող տարի զիրար տեսնենք Հայաստան։ Զիրար. երեքնի՜ս ալ. իցի՜ւ թէ։

Վարժարանին հետ ընդհարումի մէջ ենք։ Կ՚ուզեն վերարկուիս ծայրէն կտրել, կծծինե՜րը։ Այս խնդիրը քեզի կը պատմեմ յետոյ՝ իր ելքին համեմատ։

Նամակս պէտք է վերջացնեմ, բայց սիրտս առաջ չերթար քեզմէ բաժնուիլ։ Ինչ որ է՝ համբերութիւն։

Ընդունէ ճակտիդ մտերմի համբոյրներս

Քուկդ՝
Դանիէլ Վարուժան

Նամակներդ գրէ այս անուան եւ հասցէին.

D. Tchiboukkéarian
rue Benard 31. Gand
(Belgique)



[1] Իրապաշտ։