Նամակներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

149. ԱՐՇԱԿ ՉՕՊԱՆԵԱՆԻՆ

16 փետր., 1910, Սուազ

Սիրելի վարպետ,

Ընդունեցայ նամակնիդ։ Ի՛նչ նշանակութիւն ունի «Վենետիկ» քերթուածիս «Անահիտի» վերջին էջին վրայ հրատարակուիլը։ Դժբախտաբար ներփակեալ ոտանաւորն ալ ուշ կը ղրկեմ։ Լոյս տեսնալիք յառաջիկայ թիւին կարծեմ չհասնիր, հոգ չէ՞, յաջորդ երկամսեային մէջ կը հրատարակէք։

Պր. Վահան Մոսկոֆեանէն 10 ֆրանքը ես հոս կ՚ստանամ։ Կարծեմ առայժմ բաժնեգիներուն մէկ մասը միայն գանձած է։

«Ցեղին սիրտին» համար ո՛չ թէ միայն շնորհակալ եմ Ձեր շնորհաւորութիւններուն, այլ հպարտ իսկ եմ՝ լսելով Ձեր գնահատումը, ինչ որ ինծի համար թանկարժէք է, քան թէ ուրիշ ո՛եւէ մէկունը։

Այլեւս կը պատրաստիմ ապրուած կեանքէն միայն գրել եւ հիւսել նոր քերթուածներ՝ անվերապահ արուեստով մը, որոնք պիտի կազմեն «Հեթանոս երգերուն» մասը։

«Հրաշքին աղբիւրը» մէկն է այդ սեռէն, զոր յղացած եմ Պարտիզակի Դեղընթան աղբիւրը անցնելէ վերջ «Ազդակի» խմբագրութեամբ։   

Սիրալիր բարեւներս
Դ. Վարուժան