Նամակներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

186. ՍԻՄՈՆ ԵՐԵՄԵԱՆԻՆ

[Սեպտեմբեր-հոկտեմբեր, 1913, Կ. Պոլիս]

Ստացայ անհուն ուրախութեամբ Ձեր նուէրը՝ «Պատկերները»։ Ջերմագին շնորհակալութիւնս։ Կան շատ սիրուն եւ գունագեղ էջեր։ Տպագրութիւնը գուցէ Վանքը սնանկացնէ, բայց գրականութիւնը կը հարստացնէ։ Զգեստը յարմար էր մարմինին. կը շնորհաւորեմ։

Դանիէլ Վարուժան