Նամակներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

9. ՍՄԲԱՏ ԴԱՒԹԵԱՆԻՆ

8 յուլիս, 1904, Վենետիկ

Յարգոյ Տէր,

Մեծարանքով՝ Ձեր քարտն ստացայ։

Երջանիկ կը համարիմ զիս, որ գրեթէ առաջին եւ աննշան մէկ քերթուածիս կարեւորութիւն տուողներ կան եղեր։ Մեծ ծովի մը մէջ կաթիլս նկատի առնել, շնորհակա՜լ եմ։

Երազանքի ճամբուն վրայ, որուն ուղեւորը հասկցուելէ առաջ դեռ կը գուշակուի, վարանոտ քայլերս կը հաստատէք։ Ձեր խրախուսող հոգւոյն՝ ուրախ ու շնորհակալ ժպիտով մը կը դառնամ։

Ուրիշ գրութիւններու հրապարակումին՝ քիչ մ՚աւելի անվախ պիտի ըլլամ, գիտնալով որ պիտի գտնուին համակրող սրտեր եւ ողջամիտ ճաշակներ՝ զանոնք գնահատել եւ գնահատել տալու համար։

Զբաղցնեմ Ձեզի։

Ուսումի սրբազան բարձունքներ կը մաղթեմ Շաւարշին (զոր Քաղկեդո՛ն ճանչցած եմ)։ Եւ ինքը, ապահով եմ, պիտի ելլէ հոն, պիտի ելլեն ուրիշ շատ հայ տղեկներ ալ՝ քանի որ անոնց՝ մտացիօրէն կը տրուի «Նոր Դպրոցի» դասագրքերու փնջերը, գաղափարական բազրոտներ՝ գաղափարական վերնագաւառներու։

Մնամ համակրանքով եւ յարգանքով
Դանիէլ Գ. Չպուգքեար