Նամակներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Epistles  

29. ԱՐՇԱԿ ՉՕՊԱՆԵԱՆԻՆ

26 փետր., 1906, Կանտ,

Սիրելի բարեկամ,

Շնորհակալութիւններս՝ խնդրանքիս՝ Ձեր ըրած ընդունելութեանը։ Նեղութիւնը, զոր կը ստանձնէք, յուսամ թէ սրտնեղութեան պատճառ չի դառնար։

Նամակիս հետ կ՚ուղարկեմ ծրարը 100 օրինակ «Սարսուռներու»։ Մաս մը կը պահեմ քովս, եւ մաս մըն ալ Ձեր մատնանիշ ըրած վայրերը կը տեղաւորեմ։

Մէն մը հատորի գինը 1 ֆրանք սահմանած եմ՝ յուսամ թէ այսպէսով ծախքերը կը հանէ. այս բացատրութիւնս կարծեմ արդէն բաւ է արդարացնելու զիս, թէ illusion-ներ [1] ոստայնակելէ հեռու եմ։

Ձեր ղրկած արդիւնքէն՝ ըրած ամենամանր ծախքերնիդ իսկ հանեցէք։ Պատճառած նեղութիւնս գուցէ բարեկամութիւն մը կը բաւէ. բայց վնասի դուռ չեմ ուզեր ըլլալ։

Գալով հատորիկին, հետաքրքիր եմ, թէ ինչ ընդունելութիւն պիտի գտնէ՝ գէթ բանէն հասկցողներու կողմէ։

Ծաւալին փոքրութիւնը արկած մըն է լոկ. կէսէն աւելին կրնամ ըսել լաւ մասը չհրատարակուեցաւ՝ շնորհիւ (թո՛ղ ուրիշ պատճառները) Վանքի մամուլին կուսակրօնութեան եւ կուսազգութեան։

Գա՛լ տարի, տեսնանք։

Նամակը վերջացնելէ առաջ միանգամ եւս շնորհակալ ըլլալով, կը մնամ սիրալիր ողջոյններով

Ձերդ
Դանիէլ Վարուժան



[1] Պատրանքներ։