Նամակներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

63. ԴԵՐԵՆԻԿ ՃԻԶՄԵՃԵԱՆԻՆ

21 դեկտեմբեր, 1906, Կանտ

Սիրելի Դերենիկ,

Նամակդ երեւոյթով տարօրինակ էր, ներքնապէս՝ տխուր։ Ապագայիդ խառնակումը կը պատմես…

Վենետիկ եմ կ՚ըսես, երբ լուսանկարդ Թորին կը քաշուի։

Բան չհասկցայ։ Լման չորս նամակ ուղարկեր եմ Վենետիկ քու անունիդ. մին դպրոց՝ միւսը Սան Սեռուելօ, մին Վանք, միւսը Սոթթօ Փոռթիգօ, …………………………………………………………………………………………………

Մանրամասն գրէ վիճակդ։ Եղբօրդ դժբախտութիւն մը հանդիպեցա՞ւ, թէ ամէնուն խաղք եղած դպրոցը խաղ մը խաղաց։ Խորապէս կը ցաւիմ, Դերենիկ, եթէ կայ միջոց մը, որով կարող եմ տխուր վիճակդ փոխել՝ ըսէ պատրաստ եմ։

Եթէ մի օր, մի ժամ, մի վայրկեան

Շաղուիչն ըլլայի այս մեր խեղճ կաւին

Քո ճակատդ անբիծ Գառռառի կուճով

Կ՚ընէի, իր գիրն ոսկեղէն գրչով։

Հիմա ի՞նչ կ՚ընես հոդ։ Պիտի բաղձայի որ հոս գաս, բայց մի գուցէ երկուքս ալ քաղցած մնանք, ու Կանտը հայոց գերեզմանատուն ըլլայ։ Դերենիկ, ինծի ալ այս ամիս դրամ չղրկեցին պարտքով ապրեցայ եւ յոյսով։ Այս անգամ համալսարանը 250 ֆր. կը պահանջէ, առանց ատոր անկարելի է դասերու յաճախել։ Եթէ այս գումարը ճարեմ՝ գուցէ քննութիւն ալ տամ. յուսով եմ, որ կը յաջողիմ։ Ահա գրեթէ քու վիճակդ, ես քու դժբախտութեանդ մանրանկարն եմ. եւ նամակէս կը տեսնաս, որ քեզի պէս զուարթ ալ եմ, մէկ փիլիսոփայական երեւոյթ կը կատարուի մեր մէջ. այս մերն է՝ բուն «Վշտի ծիծաղը»։

Դու եթէ հայրենիք երթաս՝ Եւրոպա մը կը կորսնցնես, ես՝ տիեզերքը։ Կը հասկնա՞ս միտքս, հայորդի։ Ի լրումն աղէտից, պ. Պազարճիին հետ կռուի բռնուած ենք. երկուքս ալ ջղային. նայինք ո՛վ կը յաղթէ, այս մասին դեռ բան մը չգրես իրեն։ Գալով վարժարանին, Գարեգինին ըրածը լոկ քաւութիւն էր կամ «յետս կոչում». ի՛նչ որ է, Աստուած գործը յաջողէ, եթէ մինչեւ հիմա չյաջողեցաւ, վասնզի բացի Նշանին մէկ նամակէն, ուրիշ լուր չունիմ վարժարանէն։

Գրէ։

Տեօքմեճիին շատ բարեւներ։

Ընդունէ համբոյրներս

Դանիէլ

Յառաջիկային երջանիկ տօներ կը մաղթեմ ձեզ ալ, սիրելի Արամ եւ Տեօք։