Նամակներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Epistles  

142. ԹԷՈԴԻԿԻՆ

[18]31 յուլիս, 1909, Վենետիկ

Վենետիկ եմ։ Նամակիդ պատասխանը պիտի գամ անձամբ տալու համակրական ողջագուրումի մը մէջ. վասնզի նամակը, զոր կը գրեմ, եզերքէն է իտալական Montenegro նաւուն, որ այսօր ճամբայ կ՚ելլէ դէպի Պոլիս։ Անհամբեր եմ, որ նաւուն ցռուկը պատռէ ալիքները Հոնիական լուսանուագ կղզիներուն ընդմէջէն. հիմակւընէ արդէն կարօտս անոր կայմին վրայ իր դասական առագաստները փքուռոյց կապեր է։

Առայժմ մնաս բարով.

. Վարուժան]