Նամակներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

35. ԲԱՌՆԱՊԱՍ ՊԻԼԵԶԻԿՃԵԱՆԻՆ

16 մարտ, 1906, Կանտ

Վերապատուելի Հայր,

Ձեր խնդրանքին համեմատ շատոնց է ղրկած եմ «Սարսուռներէն» օրինակ մը` գինը, որ մէկ ֆրանք էր, դնելով կողքին։ Ստացա՞ծ էք. չգիտեմ, քանի որ չեմ առած՝ իբր տեղեկութիւն Ձեր զայն ընդունելուն՝ ո՛չ դրամը եւ ոչ երկտողի ոեւէ զեկուցում մը։

Եթէ հատորիկը իր փոստի ճամբան խոտորած է՝ խնդրեմ իմաց տայիք՝ ըլլա՛յ եթէ ուզէք զայն ունենալու Ձեր փափաքը հաստատելով, ըլլա՛յ ինձ տեղեկացնելու հաճոյքին համար։

Մնամ յարգանքներով
Ձերդ
Դանիէլ Վարուժան